Կը կարծենք, որ հայ-ատրպեճանական սահմանին տեղի ունեցող միջադէպերը սպառնալիք են ՀԱՊԿ անդամ Հայաստանի անվտանգութեան. Զաս

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը կը կարծէ, որ հայ-ատրպեճանական սահմանային բախումի քաղաքական կարգաւորման հնարաւորութիւնները սպառած չեն, եւ անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքներն այդ ուղղութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան-Ռուսաստան ձեւաչափով: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը ըսած է Արարատի զօրամաս կատարած այցի ժամանակ՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ ի՞նչ առաջարկներ մշակած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը սահմանային իրավիճակի կարգաւորման վերաբերեալ եւ ինչո՞ւ կազմակերպութիւնը, այնուամենայնիւ, յստակ եւ պարզ գնահատական չի տար հայ-ատրպեճանական սահմանին տեղի ունեցող միջադէպերէն:
Գլխաւոր քարտուղարի խօսքով՝ հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը մշտապէս կը գտնուի ՀԱՊԿ-ի տեսողութեան դաշտին մէջ:
«Մենք կազմակերպուած մշտադիտարկում կ'իրականացնենք, այդ շարքին՝ հայկական պետական կառոյցներու օգնութեամբ: Ի հարկէ, մենք կը կարծենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցող այն միջադէպերը, որոնց մասին կը խօսինք, սպառնալիք կը ներկայացնենք ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան Կովկասեան տարածաշրջանի եւ, ի հարկէ, նաեւ կազմակերպութեան անդամ Հայաստանի անվտանգութեան համար: Եթէ խօսինք խնդրի լուծման ուղիներու մասին, ապա մենք կը կարծենք, որ այս իրավիճակի քաղաքական կարգաւորման հնարաւորութիւնները սպառած չեն, եւ իրականութեան մէջ այդ ամենալաւ տարբերակը կ'ըլլար բոլորի համար», – ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը:
Սթանիսլաւ Զասը կարեւորած է աշխատանքային այն ձեւաչափը, որ ուրուագծուած է Հայաստանի եւ Ատրպեճանի միջեւ՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ:Այդ իսկ պատճառով, -ըսած է գլխաւոր քարտուղարը, ՀԱՊԿ-ի բոլոր գործողութիւնները կը բխին իրավիճակի այդպիսի ընկալումէն:
«Մենք լրջօրէն անհանգստացած ենք անով, որ վերջերս բախումները սահմանին շատցած են եւ կը նկատուի թէժացում: Այդ չի նպաստեր նշուած աշխատանքները սկսելուն: Եւ բացի այդ, կը դժուարացնէ անկիւնաքարային այն պայմանաւորուածութիւններու կատարումը, որոնք ձեռք բերուած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան դադարեցման եւ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղիներ փնտռելու վերաբերեալ: Կ'ակնկալենք, որ բոլոր կողմերը կը հասկնան այդ եւ քայլեր կը ձեռնարկեն տարաձայնութիւնները քաղաքական ճանապարհով լուծելու համար», – աւելցուցած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը: