Կ'ողջունենք Փաշինեանի խիզախութիւնը. Յունաստանի ԱԳ նախարար

2022-09-27
Image

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս Երեւանի մէջ յստակ պատգամ յղեց այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէսները. վերանայման քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի: «Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Տենտիաս այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:

«Յունաստանը բազմիցս շեշտած է, որ կ՛աջակցի բոլոր պետութիւններու գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ ատիկա, ի հարկէ, նաեւ կը վերաբերի մեր լաւ ընկեր Հայաստանին: Մենք սահմաններու անքակտելիութեան կը հաւատանք», ըսաւ Տենտիաս:

Ան նշեց այն հանգամանքը, որ քանի մը օր առաջ Հայաստանի տարածքը կը ռմբակոծուէր ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Ան Յունաստանի համերաշխութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

«Ես պիտի ուզէի նաեւ յստակ պատգամ յղել այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէսները: Իմ պատգամս հետեւեալն է` վերանայման քաղաքականութիւնները պիտի ձախողին: Ես պիտի նշեմ այդպիսի յաւելեալ ուժ մը` Թուրքիան, որ կը փորձէ օգտուիլ այս խառն կացութենէն, որպէսզի անյարգալից ըլլայ կայունութեան նկատմամբ: Մենք վկայ ենք թրքական հռետորաբանութեան, արտօնեցէք ըսել, որ Թուրքիան նաեւ դէմ էր, որ Յունաստանը քանի մը պաշտպանական զէնքեր ուղարկէ յունական կղզիներ: Եւ ասիկա կը կատարուի այն պայմաններուն մէջ, երբ Յունաստանը կը գործէ իր պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ, եւ այս պարտաւորութիւնները կը բխին Լոզանի համաձայնագիրէն», ընդգծեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ Թուրքիան դէմ է, որովհետեւ Յունաստանը չ՛արտօներ, որ իր տարածքները մնան անպաշտպան:

Ըստ անոր, Թուրքիան այս պահուս կը սպառնայ պատերազմի սկսիլ Յունաստանի դէմ: Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց` Յունաստանը պատրաստ է եւ կ՛ուզէ Թուրքիոյ հետ սկսիլ կառուցողական երկխօսութիւն` միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ, նաեւ պատրաստ է ինքզինք եւ իր իրաւունքները պաշտպանելու:

Երկու արտաքին գործոց նախարարները Երեւանի մէջ նաեւ քննարկած են Կովկասի մէջ անվտանգութեան մարտահրաւէրը:

«Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, մենք կ՛աջակցինք խաղաղ, փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելուն` միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ: Միջազգային օրէնքը միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան համար «Սուրբ կտակարան է»:

Ան ընդգծեց, որ լուծումները եւ խաղաղութիւնը չեն կրնար կառուցուիլ այն պայմաններուն մէջ, երբ կայ ուժի կիրարկման սպառնալիք: Յունաստանը պիտի շարունակէ աջակցիլ երկկողմանի բանակցութիւնները սկսելուն: Նիքոս Տենտիաս աւելցուց, որ իրենք կը հաւատան, որ մարդասիրական խնդիրները պէտք է լուծուին անյապաղ, մարդասիրական իրաւունքը պէտք է յարգուի:

«Այս տեսակէտէ մենք կ'ողջունենք վարչապետ Փաշինեանի խիզախութիւնը, ովրառաջարկած է նոր մօտեցում այս տարածաշրջանի ապագայի համար։ Սակայն, ինչպէս երէկ նախագահ Մաքրոնն ըսաւ, լուծումներն ու խաղաղութինը չեն կրնար կառուցուիլ ուժի կիրառման սպառնալիքի պայմաններուն մէջ»,– ըսած է Տենտիասը` աւելցնելով, որ Յունաստանը եւս պատրաստ է ԵՄ գործընկերներու հետ աջակցելու երկխօսութեան` խաղաղ լուծումներ գտնելու հարցով: