Կոչ կ'ընեմ ատրպէյճանական ուժերուն ետ քաշուելու իրենց սկզբնական դիրքերը. Մենենտես

2022-03-28
Image

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսը Թուիթըրով անդրադարձած է Արցախի մէջ վերջին օրերու լարուածութեան:

«Տեղեկութիւնները այն մասին, որ ատրպէյճանական ուժերը մտած են Լեռնային Ղարաբաղի որոշ հատուածներ եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուցած են տարածաշրջանի ինքնապաշտպանական ուժերուն, չափազանց մտահոգիչ են: 

Կոչ կ'ընեմ ատրպէյճանական ուժերուն ետ քաշուելու իրենց սկզբնական դիրքերը եւ անյապաղ դադրեցնելու չհրահրուած յարձակումները», գրած է ան: