Կոչ կ'ընենք ազատ արձակելու բոլոր բանտարկեալները. Դեսպան Լին Թրէյսի

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսի հանդիպած է 2020 եւ 2021 թուականներուն գերեվարուած հայ զինուորներու ազգականներուն․ ներկայ եղած են ե՛ւ անհետ կորսուածներու, ե՛ւ Ատրպէյճանի մէջ երկարատեւ ազատազրկման դատապարտուած զինուորներու ազգականներ:
ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ քննարկման առանցքին մարդու իրաւունքներու հարցերն էին, այդ շարքին` զինադադարի մասին Նոյեմբեր 2020 թուականին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտը` ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու եւ մահացածներու մարմիններու փոխանակման մասին, եւ Ժընեւեան ուխտը:
«Մենք կոչ կ'ընենք ազատ արձակելու բոլոր բանտարկեալները եւ, հաշուի առնելով հարազատներու գտնուելու վայրին ու ճակատագրին մասին տեղեկութիւններ չունեցող ընտանիքներուն ցաւը, մեծցնելու ջանքերը` անհետ կորսուած զինուորներու մասին (այդ շարքին` 1990-ականներէն) տեղեկութիւններ ձեռք բերելուն միտուած», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: