Հակամարտութեան լուծումը կ’ենթադրէ Արցախի կարգավիճակի յստակացում. ՀՀ ԱԳՆ

2021-11-10
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը  տարածած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի դադրեցման մասին եւ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէկամեակին առթիւ յայտարարութիւն մը: 

«2020 թուականի սեպտեմբեր 27-ին Ատրպէճանի կողմէ՝ Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութեամբ եւ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու ներգրաւմամբ Արցախի եւ անոր ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմը կանգնեցնելու նպատակով նոյեմբեր 9-ին Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութեամբ ստորագրուեցաւ Արցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու աւարտին մասին եռակողմ յայտարարութիւնը, որուն հիման վրայ Արցախի մէջ տեղակայուեցան ռուս խաղաղապահ ուժեր։

Այսօր մենք կրկին գլուխ կը խոնարհենք այն քաջարի հայորդիներուն առջեւ, որոնք իրենց կեանքը չխնայեցին յանուն հայ ժողովուրդի ապրելուն եւ իր ապագան կերտելու իրաւունքին՝ թոյլ չտալով իրականացնել պատերազմը սանձազերծողներու՝ Արցախը ամբողջովին հայաթափելու մտադրութիւնը:

44-օրեայ պատերազմը, որ կ’ուղեկցուէր Ատրպէճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներով, քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ մշակութային յուշարձաններու միտումնաւոր թիրախաւորմամբ, արգիլուած զինատեսակներու կիրառմամբ եւ պատերազմական այլ յանցագործութիւններով, հանգեցուց հազարաւոր զոհերու եւ տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներու, տեղահանուածներու եւ աւերածութիւններու։ Պատերազմին հետեւանքով՝ Արցախի շարք մը շրջաններ ենթարկուեցան էթնիկ զտման, իսկ բնակչութիւնը դարձաւ Ատրպէճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններու եւ զանգուածային ոճրագործութիւններու զոհ: Մասնաւորաբար՝ պատերազմին հետեւանքով 40 հազար մարդ զրկուեցաւ իր տունէն ու ունեցուածքէն, աւերուեցան աւելի քան 17000 քաղաքացիական կառոյցներ ու ենթակառուցուածքներ, հարիւրաւոր քաղաքացիական անձինք սպաննուեցան կամ վիրաւորուեցան, իսկ շատերուն ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անյայտ:

Հայաստանը եւ Արցախը հետեւողականօրէն կեանքի կոչած են եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, մինչդեռ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ընդամէնը մէկ ամիս անց՝ ի հեճուկս ստորագրման պահին զբաղեցուցած դիրքերուն մէջ կանգ առնելու յանձնառութեան, Ատրպէճանի զինուած ուժերը ներխուժեցին Արցախի Հատրութի շրջանի Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերը՝ սպաննելով ու գերեվարելով հայ զինծառայողներ։ Աւելին՝ փաստաթուղթին մէջ նշուած շրջաններէն հայկական զօրքերու դուրսբերումէն ետք ատրպէճանական կողմը պատասխանեց այդ նոյն տարածքներէն ՀՀ ինքնիշխան տարածք իր զինուած ուժերու ներթափանցմամբ եւ շարունակուող ապօրինի տեղակայմամբ։

Ատրպէճանը տակաւին չէ իրականացուցած նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 8-րդ կէտը՝ պատանդառութեան մէջ պահելով բազմաթիւ հայ ռազմագերիներ, պատանդներ եւ այլ պահուող անձեր, ինչ որ ոչ միայն եռակողմ յայտարարութեան, այլ նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է։

Պարբերական բնոյթ կը կրեն ատրպէճանական զինուած ուժերուն կողմէ եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած հրադադարի խախտումները, որոնք կ’ուղեկցուին ոչ միայն Հայաստանի զինուած ուժերու եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերու, այլ նաեւ խաղաղ բնակավայրերու եւ քաղաքացիական անձանց թիրախաւորմամբ՝ հանգեցնելով ե՛ւ մարդկային, ե՛ւ նիւթական կորուստներու։

Միտումնաւոր կերպով խեղաթիւրելով եւ կամայականօրէն մեկնաբանելով 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններու՝ տարածաշրջանին մէջ ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ դրոյթները՝ Ատրպէճանը կը շրջանառէ, այսպէս կոչուած, «միջանցքի» գաղափարը եւ կը սպառնայ ուժի կիրառմամբ, ինչ որ ոչ միայն կը հակասէ նշեալ յայտարարութիւններու տառին եւ ոգիին, այլ նաեւ կը միտի տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման ուղղուած ջանքերու խաթարման:

Ատրպէճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ բացայայտ կերպով վարուող շարունակական հայատեաց քաղաքականութիւնը, ուժի կիրառման հետեւանքով Ատրպէճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներուն մէջ էթնիկ զտումները, հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումն ու պղծումը, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու՝ Արցախ մուտքի խոչընդոտումը կը վկայեն, որ Արցախի հայութեան՝ իրենց հայրենի հողին վրայ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի երաշխաւորումը անհնար է Ատրպէճանի իրաւասութեան կամ վերահսկողութեան ներքոյ։

Ատրպէճանի կողմէ Արցախի եւ անոր ժողովուրդին դէմ ուժի կիրառման հետեւանքով ձեւաւորուած իրողութիւնները չեն կրնար հիմք հանդիսանալ Արցախեան հակամարտութեան լուծման համար: Ատրպէճանի այն պնդումները, թէ պատերազմին հետեւանքով միջազգային ասպարէզին մէջ այլեւս գոյութիւն չունի ոչ միայն Արցախեան հակամարտութիւնը, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, նոյնպէս նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտում է, որովհետեւ նոյն այդ եռակողմ յայտարարութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուած է որպէս տարածքային միաւոր:

Միայն 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն լիակատար իրագործումը, մասնաւորաբար` առաջնային կարեւորութիւն ունեցող մարդասիրական խնդիրներուն հրատապ կարգաւորումը, նախ եւ առաջ՝ բոլոր ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձանց անվերապահ հայրենադարձումը, անյայտ կորսուած անձանց ճակատագրի բացայայտումը եւ բռնի անհետացումներու դէպքերուն հետաքննութիւնը, հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին լիարժէք վերականգնումը կրնան նախադրեալներ ստեղծել տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար։

Հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական լուծումը կարելի է միայն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան յանձնարարութեան ներքոյ խաղաղ, բանակցութիւններու միջոցաւ, ինչ որ կ’ենթադրէ Արցախի կարգավիճակի յստակեցում եւ տեղահանուած արցախահայութեան՝ Արցախի ամբողջ տարածքին իրենց բնակավայրեր անվտանգ վերադարձի ապահովում եւ Արցախի ժողովուրդի՝ իր բնօրրանին մէջ ազատ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի իրացում՝ հիմնուած ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին վրայ:

Հայաստանը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը գործնական ջանքեր գործադրելու տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի լիցքաթափման, քայլ առ քայլ թշնամանքի մթնոլորտի յաղթահարման, տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ խաղաղ զարգացման դարաշրջանի բացման ուղղութեամբ։ Միաժամանակ գործընթացին արդիւնաւէտութեան համար անհրաժեշտ է, որ Ատրպէճանը նոյնպէս կառուցողական դիրքորոշում մը որդեգրէ՝ հրաժարելով հայատեացութեան, յարձակողական հռետորաբանութեան եւ գործողութիւններու իր քաղաքականութենէն։