Հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը դեռ լուծուած չէ. Լին Թրէյսի

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին կը կարծէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին պատերազմի հետեւանքները յաղթահարուած չեն, իսկ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, քանի որ դեռ լուծուած չէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը:
«Մենք պիտի աշխատինք որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ՝ այդ դիրքերէն ձգտելով իրավիճակի ապամագլցման, միջադէպերու վերացման, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ դիտարկել մնացեալ հարցերը՝ պատերազմի հետեւանքներու եւ միւս խնդիրներու վերջնական կարգաւորումը»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Սիւնիքի մարզի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Լին Թրէյսին:
Անդրադառնալով անվտանգութեան եւ սահմանային միջադէպերու վերաբերող հարցերուն՝ Թրէյսին նշած է, որ ատոնց վերաբերեալ իր կարծիքը յայտնած է, քանի մը անգամ ալ դիրքորոշումներ հնչած են նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղարութենէն. «Թերեւս գիտէք, որ ես Յուլիսին այցելեցի Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածներէն մէկը, ուր միջադէպեր կը գրանցուէին, եւ կ'ուզեմ յստակ նշել, որ մենք կոչ կ'ընենք իրավիճակի ապամագլցման եւ որ հնարաւորինս արագ վերջ տրուի բռնութիւններուն»,- նշած է Լին Թրէյսին:
Դեսպանը ընդգծած է, որ այս խնդիրներու լուծումը շատ կարեւոր է յատկապէս այն պատճառով, որ քաղաքացիական անձինք յայտնուած են հակամարտութեան մէջտեղ եւ անոնց անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը կը վտանգուի, ուստի, այս ամէնը նկատի առնելով, այդ հարցերու լուծումը հրատապութիւն կը պահանջէ: