Համախմբուինք Եւ Զօրավիգ Կանգնինք Հայրենի Սահմանին Ամուր Կանգնած Հայ Բանակին. Յայտարարութիւն
Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հերթական անգամ լայնածաւալ սադրանքի դիմելով, 13 Սեպտեմբերին՝ կէս գիշերուան ժամը 00:05էն սկսեալ, Սոթքի, Վարդենիսի, Գորիսի, Կապանի, Արտանիշի եւ Իշխանասարի ուղղութեամբ բուռն կերպով կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, թիրախաւորելով նաեւ անմեղ քաղաքացիներու բնակավայրեր:
Ակնյայտ է, որ վերջին օրերուն հայկական կողմի գնդակոծութիւններու վերաբերեալ տարածուած ապատեղեկատւութիւնը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ նախագծուած ծրագիր էր՝ այս բռնարարքի համար արհեստական հիմք ստեղծելու նպատակով:
Սահմանային լարուածութիւնը սրելու դիտաւորեալ այս յանցաւոր ոտնձգութեամբ Ատրպէյճանի նպատակն է ձախողցնել բանակցային գործընթացը, խուսափիլ 9 նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագրի որոշ դրոյթներու իրագործումէն եւ բռնութեամբ, ճնշում բանեցնելով, ստիպել Հայաստանին միջանցք տրամադրել եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն զիջումներ պարտադրել:
Արդարեւ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած այս յանցաւոր յարձակումը:
Կ'ակնկալենք Ռուսիոյ Դաշնութենէն եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ)՝ գործադրել Հայաստանի հետ ունեցած համապատասխան պայմանագրերով նախատեսուած՝ ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու իրենց պարտաւորութիւնը:
Նաեւ Միջազգային հանրութեան, Եւրոմիութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք թոյլ տրուած միջազգային, մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու ակնյայտ խախտման եւ պատերազմական յանցագործութեան տարրեր պարունակող այս անհանդուրժելի գրոհին, պահանջելով դատապարտել Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները, եւ զանոնք կասեցնելու ուղղուած՝ անյապաղ միջոցառումներ ձեռնարկել, գործադրելով միջազգային իրաւական մեքենականութիւնները:
Այս զարգացումներուն ի տես, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կոչ կ'ուղղէ հայրենիքի եւ սփիւռքի համայն հայութեան համախմբուելու եւ միասնաբար գործի դնելու բոլոր հնարաւոր ճիգերը, մեր հայրենիքը այս աղէտալի կացութենէն դուրս բերելու համար, եւ զօրավիգ կանգնիլ հայրենի սահմանին ամուր կանգնած հայ բանակին:
Նաեւ կ'ակնկալենք, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը գիտակցի պահի լրջութիւնը, մէկդի դնէ իր քաղաքական եւ գաղափարական տարակարծութիւնները, եւ իշխանութեան հետ միասնաբար ձեռնարկէ մեր ազգի եւ պետականութեան հիմքերը սասանող սպառնալիքներու չէզոքացման սրբազան գործին։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնէ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն, եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ
14 Սեպտեմբեր, 2022