Հայաստանը հանդէս կու գայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու օրակարգով. Ալեն Սիմոնեան՝ Գերմանիոյ մէջ

2023-03-29
Image

Աշխատանքային այցով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն գտնուող ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում-քննարկում ունեցած է Ֆրիտրիխ Նաուման հիմնադրամի ղեկավար կազմի եւ հրաւիրեալ պատգամաւորներու, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու հետ:

Հանդիպումը մեկնարկած է հիմնադրամի միջազգային բաժնի ղեկավար Ռենէ Քլաֆի ողջոյնի խօսքով, որով ան կարեւորած է Հայաստանի հետ հիմնադրամի աշխատանքը՝ յիշատակելով ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ արձանագրուած գոհացուցիչ արդիւնքները: Ատոր յաջորդած ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի ելոյթը նուիրուած եղած է ժողովրդավարական արժէքներու պահպանմանն ու մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ուղղութեամբ տարուելիք անհրաժեշտ քայլերուն: Դիմելով ներկաներուն՝ Ալեն Սիմոնեան ըսած է, որ Հայաստանը, ըլլալով ժողովրդավարական արժէքներ կրող, հաւատում է, որ ազատութիւնն ու պատասխանատւութիւնը բաց եւ ժողովրդավարական հասարակութեան նախադրեալներն են:

«Ժողովրդավարական հասարակութեան մասնիկն ենք նաեւ մենք՝ խորհրդարանականներս՝ ազատ խօսքը կրողներս: Ժամանակակից աշխարհում խորհրդարանական դիւանագիտութիւնն արտաքին քաղաքականութեան անբաժանելի մաս է կազմում: Մեծ է նաեւ նրա դերը միջպետական յարաբերութիւնների զարգացման գործում»,- նշած է ան՝ աւելցնելով, որ մեր երկիրը կ'աջակցի հիմնադրամի որդեգրած արժէքներուն. անձնական, ընտրութեան, տնտեսական ազատութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան:

Խօսելով 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի ստանձնած առաքելութեան մասին՝ Ազգային Ժողովի նախագահը նշած է, որ հայաստանեան իշխանութիւնները կ'ուզեն փոխել յարաբերութիւններու որակը տարածաշրջանի մը մէջ, միջավայրի մը մէջ, ուր մեզի համար այլեւս անվտանգ չէ: Ալեն Սիմոնեան մասնաւորապէս նշած է 44-օրեայ պատերազմին եւ ատոր յաջորդող իրադարձութիւններուն վերաբերող որոշ կարեւոր դրուագներ՝ ընդգծելով Հայաստանի եւ արցախահայութեան շուրջ կործանարար զարգացումներու առկայութիւնը:

Ազգային Ժողովի նախագահը յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու՝ իրենց սեփական ինքնութեան համապատասխան ապրելու իրաւունքը մշտապէս ոտնահարուած է ինչպէս խորհրդային, այնպէս ալ անկախ Ատրպէյճանի կողմէ եւ մեծ թափով կը շարունակուի անարգուիլ մինչ օրս:

«Ադրբեջանի կողմից 2022 թուականի դեկտեմբերի 12-ից փակուել է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը, որի հետեւանքով 120 հազար բնակիչ յայտնուել է փաստացի շրջափակման մէջ: Ադրբեջանի այս գործողութիւնը 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնների կոպիտ խախտում է, որը ԼՂ ժողովրդի էթնիկ զտմանն ուղղուած Ադրբեջանի լայնածաւալ եւ համակարգուած քաղաքականութեան մի մասն է»,-ըսած է Ալեն Սիմոնեանը՝ ընդգծելով, որ անգամ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող որոշման Ատրպէյճանը չենթարկուիր. մարտ 5-ին ատրպէյճանական ներթափանցող խումբի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած է երեք քաղաքացի: Ան նշած է, որ Նաումանի հիմնադրամի քննարկումէն ժամեր առաջ ատրպէյճանցիները կրակած են գիւղատնտեսական աշխատանքներով զբաղող հայերու ուղղութեամբ:

Խորհրդարանի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան երկարաժամկէտ մշտադիտարկման առաքելութիւն տեղակայելու որոշման աջակցելու կապակցութեամբ: Եզրափակելով խօսքը՝ ան հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանը հանդէս կու գայ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու օրակարգով:

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի ելոյթին յաջորդած են մասնակիցներու հարցերը, որոնք հիմնական վերաբերած են տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան, միջազգային հանրութեան կողմէ Հայաստանին եւ արցախահայութեան տրուող հասցէական գնահատականներուն եւ աջակցութեան, Հայաստան-Սփիւռք կապերուն եւ հայաստանեան հասարակութեան տրամադրուածութեան իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ցուցաբերած հետաքրքրութեան: Գերմանացի գործընկերներուն, մասնաւորապէս, հետաքրքրած են հայաստանեան բարեփոխումներու ընթացքը եւ ատոնց շօշափելիութեան վերաբերեալ համաժողովրդական տրամադրութիւնները:

Հանդիպման աւարտին հիմնադրամի ղեկավար կազմը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը երիտասարդ, բայց հաստատուն ժողովրդավարութիւն ունեցող Հայաստանին աջակցելու մասին: