Հայաստանը մեզի համար օտար երկիր չէ. Փութին՝ ռուսական ընկերութիւններու եւ քաղաքացիներու Հայաստան տեղափոխուելու մասին

Մենք կ'ողջունենք այն ամէնը, ինչ օգտակար է ռուսական ձեռներեցութեան։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ մեկնաբանելով իրավիճակը, երբ ռուսական ընկերութիւնները որոշեցին Հայաստան տեղափոխուիլ։
«Եթէ պայմաններն այնպիսին եղան, որ մարդոց, իսկ անոնք հիմնական ՏՏ ոլորտի մասնագէտներ են, այնտեղ աշխատիլը նպատակայարմար ու ձեռնտու ըլլայ, ապա՝ ի սէր Աստուծոյ, թող աշխատին։ Հայաստանը մեզի համար օտար երկիր չէ, ամէն ինչ մեր կողքին է, կարելի է աշխատիլ Երեւանի մէջ»,- նշած է Ռուսիոյ նախագահը։
Անոր խօսքով՝ եթէ ռուսերու համար այսօր աւելի ձեռնտու եւ յարմար է այնտեղ աշխատիլ, ապա ատոր մէջ ոչ մէկ արտառոց բան կայ։ Աւելին, շատերը արդէն վերադարձած են՝ հասկնալով, որ սարսափելի ոչինչ տեղի կ'ունենայ, ամէն ինչ կ'աշխատի ու կը գործէ՝ հակառակ պատժամիջոցներուն։
«Կարելի է աշխատիլ Երեւանի մէջ, իսկ ապրիլ՝ Մոսկուա»,- աւելցուցած է Փութին։