Հայաստանը 32 թոն կշռող մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակը ուղարկած է Սուրիա

2023-02-23
Image

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը (ԱԻՆ) ՀՀ վարչապետի յանձնարարականով կազմակերպած է դէպի երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակի տեղափոխումը, աւելի քան 32 թոն քաշով:

Բեռը ներառած է սնունդ եւ դեղորայք: Այն Սուրիա ուղարկուած է Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանէն:

Տեղափոխումը Երեւանէն Հալէպ իրականացուած է «ԻԼ-76» մակնիշի օդանաւով: Կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցած է ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութիւնը:

Աւելի վաղ ԱԻՆ-ի միջոցով Սուրիա ուղարկուած էր աւելի քան 55 թոն մարդասիրական օգնութիւն: