Հայաստանի եւ ԱՄԷ-ի պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հեռանկարները

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) կատարած աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը հանդիպած է ԱՄԷ պաշտպանութեան պետական նախարար Մոհամմատ Ահմատ ալ Պովարտիի հետ: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարութենէն։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ հանդիպման քննարկուած են ՀՀ եւ ԱՄԷ միջեւ ռազմական եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան ներկայ ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները:
Հանդիպման աւարտին Սուրէն Պապիկեանը ԱՄԷ պաշտպանութեան պետական նախարարը հրաւիրած է Հայաստան: