Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման այլընտրանք չկայ. Պայրամով

2023-03-30
Image

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն այլընտրանք չկայ։ Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, Ճէյհուն Պայրամովն այս մասին ըսած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի հետ հանդիպումէն ետք կայացած ասուլիսի ընթացքին։

Պայրամով նշած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ իրար տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ։

Հակառակ ակնյայտ փաստին, որ Ատրպէյճանէն ամէն օր յարձակողական հռետորաբանութիւն ու սպառնալիքներ կը հնչեն Հայաստանի հասցէին՝ Պայրամով Հայաստանը մեղադրած է թշնամական հռետորաբանութեան մէջ։ Ան յայտարարած է, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանը առաջ կը մղէ խաղաղութեան օրակարգը, սակայն Հայաստանը կը սպառնայ յարձակողական հռետորաբանութեամբ։