Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին իրավիճակը յղի է ապակայունացմամբ. ՀԱՊԿ
Հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը կրնայ լրջօրէն ապակայունանալ. յայտարարած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը կազմակերպութեան շտաբէն ներս ղեկավար կազմի ընդլայնուած խորհրդակցութեան ժամանակ։
Անոր խոսքով` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակի հետ կապուած վտանգները կը պահպանուին: ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը կովկասեան տարածաշրջանին մէջ առկայ լարուածութիւնը որակած է որպէս բազմամեայ հակասութիւններու հետեւանք։
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը մարտի կիսուն Հայաստան էր, ուր բանակցած է ղեկավարութեան հետ եւ այցելած Ջերմուկ։