Հայաստանի հետ Իրանի կապը պէտք չէ վտանգուի․ Ռայիսին՝ Փաշինեանի հետ հանդիպման

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 77րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Այս մասին հաղորդած են Հայաստանի կառավարութենէն:
Փաշինեան մանրամասն կերպով անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն՝ ընդգծելով ատրպէյճանական գործողութիւններու դատապարտման, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրսբերման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան, որոնց կարգին՝ Իրանի համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:
Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնած է իրանեան կողմի յստակ գնահատականներուն գծով եւ կարեւոր նկատած ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկկողմանի սերտ փոխգործակցութիւնը:
Ռայիսի նշած է, որ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն՝ աւելցնելով, որ տարածաշրջանին մէջ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ուղիով:
Ըստ անոր՝ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը յստակ է, եւ Հայաստանի հետ Իրանի կապը պէտք չէ վտանգուի:
Ռայիսի շեշտած է, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման՝ աւելցնելվ, որ Հայաստանի ապահովութեան հարցը կարեւոր է Իրանի համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են երկու պետութիւններուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու ընդլայնման շուրջ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: