Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 26 658-ի

Հայաստանի մէջ, 2 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 26 658 դէպք, որոնցմէ 15 036` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 11 010 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 115 765 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 593 նոր դէպք եւ 473 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 6 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 459):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 63 տարեկան տղամարդ և 79, 68, 62, 72, 78 տարեկան կանայք: Բացի վերջինէն, մնացած բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մահուան եւս 5 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 153 է: