Հայաստանն առաջընթաց գրանցած է ժողովրդավարութեան մի քանի ոլորտի մէջ. Freedom House-ը հրապարակած է տարեկան զեկոյցը

«Freedom House»-ը հրապարակած է իր «Nations in Transit 2022» տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ 2004 թուականէն սկսեալ նախապէս մենատիրական երեք երկիրներ` Մոլտովան, Քոսովօն եւ Հայաստանը, քայլերու ձեռնարկած են ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, որու շնորհիւ դարձած են հիպրիտային վարչակարգեր:
Հայաստանը, ըստ «Freedom House»-ի զեկոյցին, ընդհանուր ցուցանիշով յառաջընթաց արձանագրած է` հնարաւոր առաւելագոյն 7 միաւորէն, որ աւելի ժողովրդավար երկրի ցուցանիշն է, ստանալով 3.04 միաւոր նախորդ տարուայ 2.96 միաւորին փոխարէն: Հայաստանը յառաջընթաց արձանագրած է զեկոյցին կողմէ հետազօտուող քանի մը ոլորտներու մէջ, ներառեալ ժողովրդավարական կառավարումը, ընտրական գործընթացը եւ դատաիրաւական համակարգի զարգացումն ու անկախութիւնը` միեւնոյն ժամանակ նահանջելով անկախ մամուլի ցուցանիշին մէջ:
Տոկոսային ցուցանիշով երկրի ժողովրդավարութեան զարգացման մակարդակը կը կազմէ 34%: Ըստ «Freedom House»-ի` այն երկիրները, որոնք անցում կատարած են մենատիրական կառավարման ձեւէն հիպրիտայինի, աւելի խոստումնալից են, թէեւ ամբողջապէս «տակաւին չեն համապատասխաներ ժողովրդավարական չափանիշներուն»:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը նկատէ, որ, օրինակ, Հայաստանի մէջ «2018 թուականին քաղաքացիները օգտագործեցին բողոքի շարժումը եւ մրցակցային ընտրութիւններու շարքը, որոնցմէ վերջինը կայացաւ 2021 թուականին` վճռականօրէն վերջ դնելով «Հանրապետական» կուսակցութեան բազմամեայ կառավարման: Այդ ժամանակուայ առաջնորդները փոխարինուեցան քաղաքական գործիչներու նոր սերունդով, որոնք, չնայած նկատելի թերութիւններու, հիմնականին մէջ յանձնառութիւն ունին դէպի ժողովրդավարութիւն եւ հանրային շահ»: Բացի այդ, նշուած է, որ Հայաստանը եւ Մոլտովան այն երկիրներու շարքին կը պատկանին, ուր խորհրդարանին մէջ միայն մէկ կուսակցութիւն է գերակշռող:
Շեշտուած է, որ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան խումբերը կրցած են կանխել իշխող կուսակցութեան կողմէ յառաջ քաշուած օրինագիծ մը, որու հետեւանքով` Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին գրասենեակը կը յայտնուէր կառավարական վերահսկողութեան ներքոյ:
Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին` նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ալիեւի սկսած զինուած յարձակման հետեւանքով հազարաւոր մարդիկ սպաննուած եւ տեղահանուած են:
Հայաստանը, ըստ զեկոյցին, յետխորհրդային երկիրներէն կը զիջի միայն Ուքրանիոյ, Վրաստանին ու Մոլտովային, իր ետին թողելով Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւնները, Պելառուսիան, Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը: