Հայաստան ԵՄ գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանայ

Հայաստան Եւրոպական միութեան գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանայ: Գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 6 հոկտեմբերին Պրահայի մէջ:
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած է The Guardian պարբերականը:
Գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանան Զուիցերիան եւ Նորվեկիան, որոնք ԵՄ անդամ երկիրներ չեն, սակայն համարկուած են միասնական շուկային: Պիտի հրաւիրուին նաեւ ԵՄ-ին անդամակցիլ փափաքող 9 երկիրներ, որոնք են Մոլտովան, Ուքրանիան, Վրաստանը, Ալպանիան, Պոսնիա եւ Հերցեկովինան, Մոնթենեկրօն, Քոսովօն, Հիւսիսային Մակեդոնիան եւ Սերպիան:
Բացի այդ, գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանայ նաեւ Ատրպէյճանը:
Համաձայն The guardian պարբերականի հրապարակման՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշել նշած է, որ ցանկութիւն կայ գագաթնաժողովին հրաւիրել նաեւ Թուրքիան, սակայն ատոր համար պէտք է ըլլայ բոլոր գործընկերներու համաձայնութիւնը: Նշուած է, որ Թուրքիոյ մասնակցութեան դէմ են Յունաստանն ու Կիպրոսը: