Հայաստան Հնդկաստանի հետ 245 միլիոն տոլարի զէնքի պայմանագիր ստորագրած է. «The Economic Times»

2022-09-29
Image

Հնդկաստանը Հայաստանին շուրջ 250 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ զէնք եւ զինամթերքի խոշոր խմբաքանակ պիտի մատակարարէ։ Այս մասին գրած է հնդկական The Economic Times պարբերականը։

Նշուած է, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ սեպտեմբերի սկիզբէն համապատասխան պայմանագրեր ստորագրուած են։ Այդ փաստաթուղթերու գումարը չի բարձրաձայնուիր, սակայն պարբերականի տուեալներով` խօսքը կրնայ մօտ 20 միլիառ ռուպիի մասին ըլլալ, որ տոլարով կը կազմէ աւելի քան 244 միլիոն տոլար։

The Economic Times–ի աղբիւրները յայտնած են, որ պատուէրին մէջ ներառուած են տեղական արտադրութեան Pinaka համազարկային կրակի հակազդեցիկ համակարգերը, որու արտահանումը պատմութեան մէջ առաջին անգամ պիտի ըլլայ։

Հնդկական բանակը վերջերս ստացած է այդ համակարգերու 6 լրացուցիչ գունդի պատուէր, որ նաեւ արձակման կայանքներու նկատմամբ մեծ հեռահարութեան հրթիռներ կը փորձարկէ։

Գործարքի ծիրէն ներս Հնդկաստանը Հայաստան պիտի մատակարարէ նաեւ հակաթանկային հրթիռներ եւ բազմաթիւ այլ զինամթերքներ։

Նշուած է, որ սա Հայաստան սպառազինութեան համակարգերու արտահանման առաջին դէպքը չէ։ Հնդկաստանը Հայաստանին սպառազինութիւն վաճառած էր նաեւ 2020 թուականին։ Հայկական կողմն այդ ժամանակ մօտ 40 միլիոն տոլարով ձեռք բերած էր 4 Swathi տեսակի հակամարտկոցային ռատիոտեղակայանք (ռատար)։

Յիշեցնենք, որ դեռ այս տարուայ յուլիսին հնդկական լրատուամիջոցները յայտնած էին ՀՀ ՊՆ պատուիրակութեան՝ Նիւ Տելհի այցի մասին՝ ռազմական մատակարարումները քննարկելու նպատակով։