Հայաստան փրկարարական ջոկատներ ուղարկեց Սուրիա եւ Թուրքիա

2023-02-08
Image

7 Փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկարարական ջոկատներ ուղարկած է Սուրիա եւ Թուրքիա՝ աջակցելու աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով տուժած շրջաններուն մէջ իրականացուող որոնողափրկարարական աշխատանքներուն: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Վահան Յունանեանը։

Ներքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ Թուրքիա ուղարկուած է 27, իսկ Սիրիա` 29 փրկարար։

Նշենք, որ փրկարարական ջոկատները արդէն վայրէջք կատարած են. մեկնող փրկարարական ջոկատներու ծառայողները ճանապարհած են ՀՀ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանն ու փրկարար ծառայութեան տնօրէն-Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Կամօ Ցուցուլեանը:

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան հաստատեց, որ Հայաստանի ուղարկած փրկարարական ջոկատն ու օգնութիւնը արդէն վայրէջք կատարած են Թուրքիա:

«Հայաստանի ուղարկած փրկարարական ջոկատն ու օգնութիւնը արդէն իսկ վայրէջք կը կատարէ երկիր։ Զօրակցութիւնը կեանք է»,- գրած է Փայլան։