Հայկական կողմը կ՚ուսումնասիրէ Զանգեզուրէն անցնող միջանցքի հարցը. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ հայկական կողմը կ'ուսումնասիրէ «Զանգեզուրի միջանցքի անխուսափելիութեան հարցերը»: Minval.az-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան խօսած է կիրակի՝ ընդունելով Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
«Պատերազմի աւարտէն ետք առաջին փուլին Հայաստանը դէմ հանդէս կու գար այս հարցին: Սակայն վերջերս ինծի տեղեկացուցած են, որ հայկական կողմը պատշաճ կերպով կ'ուսումնասիրէ այդ միջանցքի անխուսափելիութեան վերաբերեալ հարցերը: Ինչպէս գիտէք, քննարկումները այժմ կ'ընթանան եռակողմ ձեւաչափով: Այդ հարցը կը քննարկուի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբի շրջանակէն ներս»,- ըսած է Ալիեւը:
«Զանգեզուրի միջանցքը նոր կապ պիտի ստեղծէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Մենք արդէն սկսած ենք Հորատիզէն մինչեւ Հայաստանի հետ սահմանը երկարող երկաթուղիի կառուցումը: Վստահ եմ, որ առաջիկայ երկու կամ երկուքուկէս տարուան մէջ այդ երկաթուղին կը շահագործուի: Նախիջեւանի երկաթուղիի մեծ մասը կը գործէ, պակսող հատուածը կը կառուցուի: Զանգեզուրի միջանցքի կարեւոր հատուածը պէտք է կառուցուի Հայաստանի մէջ: Այդպիսով նոր միջանցք կը բացուի, եւ այդ կապը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ աւելի ամուր կը դառնայ»,- նշած է ատրպէյճանցի ղեկավարը: