Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ժամանակը հիմա է, Պայտընը կրնայ ուղղել պատմական սխալը. Jerusalem Post

2021-03-30
Image

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հնարաւոր ճանաչումը քայլ է՝ պատմական սխալը ուղղելու ճանապարհին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին գրած է Jerusalem Post-ի յօդուածագիր Էմիլի Շրատըրը:

Հեղինակն իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է ԱՄՆ Սպիտակ տան՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն ուղղուած դրական ազդակներուն՝ ընդգծելով, որ Իսրայէլը մինչեւ օրս կը հրաժարի ճանաչնալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915 թուականին քրիստոնեայ հայերու դէմ իրականացուցած ոճրագործութիւնը:

«Իսրայէլի պարագային՝ կառավարութիւնը հրաժարած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ հետ անկայուն, սակայն ռազմավարական- քաղաքական յարաբերութիւններու պատճառով: Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիան սպառնալիքի ենթարկած է ժողովուրդներուն, սպառնացած է, նոյնիսկ երբ անոնք քննարկած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հնարաւորութիւնը»,- գրած է Շրատըրը: Ան նկատած է, որ եթէ նախկին Իսրայէլը կախուածութիւն ունէր Թուրքիայէն՝ որպէս միակ իսլամական երկիր, որուն հետ այն կը համագործակցէր եւ ունէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ապա արդէն տասնամեակներ է, որ Թուրքիան ակնյայտ թշնամական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ այդ երկրի նկատմամբ՝ բռնապետ ու իսլամիստ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ:

«Այսօր Իսրայէլն աւելի քիչ կախուածութիւն ունի Թուրքիայէն, յատկապէս արաբական պետութիւններու հետ զարգացող յարաբերութիւններու ծիրէն ներս: Այդուհանդերձ, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ աներկբայօրէն պատմութեան ճիշդ կողմը կանգնելու փոխարէն Իսրայէլի կառավարութիւնն նոյնիսկ այսօր «վաճառեց» հայ ժողովուրդը՝ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելով, որպէսզի այդ երկիրը ռմբակոծէ հայկական քաղաքները»,- նշած է հեղինակը:

Յօդուածագիրը գրած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն ամենասարսափելի կերպով կազմակերպուած ցեղասպանութիւնն էր, որ այն ժամանակ տեսած էր աշխարհը: Եւ այն եղած էր ոչ թէ պատերազմի ծիրէն ներս, այլ ուղղակի այն բանի համար, որ հայերը քրիստոնեայ էին: 

Ան բացարձակապէս անտրամաբանական համարած է այն, որ շատ երկիրներ մինչ օրս թոյլ կու տան Թուրքիոյ օգտագործել իր աշխարհաքաղաքական դիրքը՝ ստիպելով անոնց հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն:

«Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիան աշխոյժօրէն գրաքննած է անոնց, որոնք ճանչցած են ցեղասպանութիւնը եւ անգամ ոչնչացուցած է ապացոյցներ: Այն նոյնիսկ բանտարկած է ակադեմիկոսներ, որոնք համարձակած են Հայոց ցեղասպանութիւնն անուանել՝ ցեղասպանութիւն:

Մինչ Գերմանիոյ մէջ, որուն աշխարհը պատասխանատուութեան կանչեց, հակաօրինական է Հոլոքոսթի հերքումը, Թուրքիան անօրինական դարձուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը չժխտելը, եւ ողջ աշխարհը յանցակից դարձած է՝ անոր թոյլ տալով վարուիլ այդպէս:

Եթէ առաջին իսկ օրէն աշխարհի նոնյիսկ փոքրաթիւ գերտէրութիւններ ճանչնային Հայոց ցեղասպանութիւնը, այսօր մենք կ'ապրէինք լրիւ այլ իրականութեան մէջ, ուր աւելի փոքր երկիրները չէին վախնար ճանաչնալէ ակնյայտ պատմական փաստերը:

Պայտընի վարչակազմի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆ կողմէ բարոյապէս անհրաժեշտ ուղերձ կ'ըլլայ ոչ միայն Հայաստանի ժողովուրդին, այլեւ ողջ աշխարհին: Ճանաչման ժամանակը հիմա է»,- եզրափակած է յօդուածը Շրատըրը: