Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ նախագիծ ներկայացուած է Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարան

Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ բանաձեւ ներկայացուած է։ Օրինագիծը ներկայացուած է Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Ճոն Սփելարի նախաձեռնութեամբ, կը տեղեկացնէ Մեծ Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբի դիմատետրի էջը։
Օրինագիծը երկրորդ ընթերցմամբ պիտի ներկայացուի Համայնքներու պալատի քննարկման 10 Դեկտեմբեր 2021-ին։
Մեծ Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը ողջունած է այդ նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ այդ թոյլ կու տայ շտկել Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեայ ժխտման անարդարութիւնը։