Հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը պէտք է կարգաւորել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միջոցով. Էլիզեան պալատ

Էլիզեան պալատը ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հեռաձայնային զրոյցի առնչութեամբ յայտարարած է, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման նպատակով իրավիճակը հնարաւոր է կարգաւորել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միջոցով։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, Էլիզեան պալատը, մասնաւորապէս, ընդգծած է. «Էմանուէլ Մաքրոնը վերահաստատած է Ֆրանսայի հաւատարմութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ շեշտած է Հայաստանի գերիշխան անկախ տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերը անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը»: