Հանդիպած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները

Նիւ Տելհիի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան քննարկած են երկկողմ օրակարգային հարցեր։ Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ։
«Հաստատուած են միջազգային հարթակներուն վրայ, ընդհանուր համարկման միաւորումներու շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան առաջմղման մօտեցումները։ Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ»,– նշուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ Նիւ Տելհիի մէջ «Ռայսինի երկխօսութիւն» 8-րդ միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի առանձնազրոյցը։
Նշուած է, որ առաձնազրոյցի ընթացքին կարեւորուած է հայ-արպէյճանական կարգաւորման բոլոր հարթակներու ջանքերու աշխուժացման հրատապութիւնը՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020-ի նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի յունուար 11-ի, նոյեմբեր 26-ի եւ 2022-ի հոկտեմբեր 31-ի պայմանաւորուածութիւններու համաձայն։
Հաղորդագրութեան մէջ կ'ընդգծուի, որ բանակցութիւններն ընթացած են բարեկամական եւ վստահելի մթնոլորտի մէջ, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է դիւանագիտական գծով հետագայ շփումներու վերաբերեալ։