ՀԱՊԿ-ը ուշադիր կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին

2021-11-18
Image

Պաքուի եւ Երեւանի ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ կողմերը տրամագծօրէն տարբեր գնահատականներ ունին իրավիճակին վերաբերեալ եւ միմեանց կը մեղադրեն կատարուածի մէջ։ Ռուսաստանը կապի մէջ է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ՝ իրավիճակը խաղաղ հուն տեղափոխելու համար։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Աարտաքին Գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Ան յիշեցուցած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ, բացի այդ՝ ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն բանակցութիւններ վարած է իր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ, որոնց միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ բախումները դադրեցուած են։

«Մենք կը շարունակենք համատեղ աշխատանքը՝ լարուածութիւնը թուլցնելու համար։ Կոչ կ'ընենք կողմերուն՝ ցուցաբերելու զսպուածութիւն, կանխելու նոր միջադէպերը եւ բոլոր վէճերը լուծելու բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական ճանապարհով։ Մենք պատրաստ ենք շարունակելու աջակցութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար։ Վերջին իրադարձութիւնները կը հաստատեն սահմանազատման գործընթացի շուտափոյթ մեկնարկի եւ անոր յաջորդող սահմանագծման կարեւորութիւնը: 

Ինչ կը վերաբերի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութեան, Զախարովան յիշեցուցած է անոնց Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութիւնը. «Համանախագահները կը շարունակեն աշխոյժ միջնորդական ջանքերը։ Եռեակը այժմ Վիեննայի մէջ է՝ քննարկելու ստեղծուած իրավիճակը։ Մենք կրկին կը նշենք տարածաշրջան համանախագահներու այցին կարեւորութիւնը»։

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ 1997 թուականի Օգոստոս 29-ի` Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան համաձայնագրին, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ մեխանիզմներու օգտագործման հնարաւորութեան՝ Զախարովան նշած է, որ Մոսկուան լրջօրէն կը վերաբերի ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ պարտաւորութիւններուն։ «Երկկողմ համապատասխան խորհրդակցութիւններ կը կատարուին։ Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ին, ապա այնտեղ ուշադիր կը հետեւին հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին»։