ՀԱՊԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը այցելեց Եռաբլուր

2023-03-17
Image

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովն այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան պատերազմներուն զոհուած հերոսներու յիշատակին։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին ուղեկցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեանը։

Իմանկալի Թասմակամպեթովը ծաղկեպսակ դրած է արցախեան պատերազմներուն զոհուած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի մօտ։ 

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը Հայաստան ժամանած է 16 մարտին։ Ան եղած է Ջերմուկ, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է, ծանօթացած է 2022 թուականի սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքներուն։ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը 16 մարտին հանդիպած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։