ՀԱՊԿ-ի օրակարգին եղած է խաղաղապահներու հարցը. Փեսքով

2022-11-25
Image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ռուս խաղաղապահներու մանթատի երկարաձգման թեման շօշափուած է ՀԱՊԿ գագաթնաժողովի ընթացքին, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պիտի շարունակէ մասնակցիլ կարգաւորման, ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Այս թեման շօշափուած է, միանգամայն անկեղծ, շատ ուղիղ, կառուցողական, դեռ ամէն ինչ չէ, որ համաձայնեցուած է, կան որոշակի նրբերանգներ, բայց այս թեման օրակարգի վրայ է»,- լրագրողներուն ըցած է ան։

Փեսքով ընդգծած է, որ ռուսական կողմը կ'ողջունէ բոլոր հնարաւոր ջանքերը, որոնք կը յանգեցնեն խաղաղ կարգաւորման։

«Բայց Ռուսիան կը շարունակէ շատ կարեւոր դեր խաղալ: Ռուսիոյ բոլոր առաջարկները արձանագրուած են Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ: Եւ մենք պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնները մատուցել այնքանով, որքանով երկիրները կարիքը կ'ունենան այդ ծառայութիւններուն»,-ըսած է Փեսքով:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿ ծառայութիւնները պահանջուած են։

Փեսքով յիշեցուցած է, որ սահմանին իրավիճակի սրումէն ետք լիազօրուած անձանց պատուիրակութիւն ուղարկուած է զեկոյց կազմելու համար։

«Այդ երէկ նոյնպէս քննարկուած է արտաքին գործոց նախարարներու կողմէ, այսօր ալ քննարկուած է, այս թեմայով զրոյցը կը շարունակուի»,-ըսած է ան։