ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեան կը մեկնի Սուրիա

2023-02-23
Image

Փետրուար 23-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը պիտի մեկնի Սուրիա՝ աւերիչ երկրարշարժէն տուժած շրջաններուն մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակը հասցնելու նպատակով։

ԱԳՆ խօսնակ Վահան Յունանեանը կը տեղեկացնէ, որ այցի շրջածիրէն ներս Միրզոյեանը հանդիպումներ պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի հետ: