ՀՀ վարչապետի՝ ԱԺ-ի մէջ ունեցած ելոյթը կարեւոր եւ հեռատես էր. ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ

Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը կարեւոր եւ հեռատեսական որակած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը Ազգային ժողովին մէջ։
Թոյվօ Քլաարը այդ մասին գրած է Թուիթըրով։ «Համապարփակ կարգաւորման ճանապարհին շատ մարտահրաւէրներ կը մնան, սակայն կարեւոր է յառաջ շարժիլը։ Հայատանը ունի Եւրոմիութեան աջակցութիւնը արդար խաղաղութիւն որոնելու հարցին մէջ։