ՀՀ վարչապետն ընդունած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի փոխտեղակալ Էրիքա Օլսոնը
Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է Միացեալ Նահանգներու հետ սերտ համագործակցութեան հետեւողական զարգացումը եւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան օրակարգի շարունակական առաջմղումը:
Այս մասին ՀՀ վարչապետը յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխտեղակալ Էրիքա Օլսոնի հետ հանդիպման ժամանակ: տեղեկութիւնը յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն:
Միաժամանակ, վարչապետը կարեւորած է Միացեալ Նահանգներու ջանքերը՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման նպատակով:
Իր հերթին, Էրիքա Օլսոն նշած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ կեանքի կոչման ուղղութեամբ եւ նշած, որ իր երկրի կառավարութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ ՀՀ-ի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը, այդ շարքին՝ տնտեսութեան ոլորտի մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմի ձեւաւորման, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային փոխադրային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր: