Հոլանտայի խորհրդարանի թուրք երեսփոխանները միացած են պահանջին «Ազատ արձակել հայ ռազմագերիները»

2021-06-24
Image

Հոլանտայի Թուրքիոյ եւ Ատրպէճանի շահերը սպասարկող «Denk» կուսակցութեան երեք անդամէ բաղկացած խմբակցութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը եւ միացած է անցեալ շաբաթ խորհրդարանին ընդունած բանաձեւին, որ կոչ կ'ուղղէ ԱԳ նախարարին՝ եւրոպական մակարդակով ճնշում գործադրելու Ատրպէճանի նկատմամբ՝ հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձինք անմիջապէս հայրենադարձելու պահանջով։

«Denk» կուսակցութիւնը Թուրքիոյ ղեկավարի շահերը յառաջ մղող ուժը համբաւ ունի, որ սովորաբար կ'ընտրէ մի քանի հարիւր հազարանոց թրքական համայնքի ձայներուն հաշուոյն։