Ճանչցէ՛ք Հայոց ցեղասպանութիւնը․ Ատամ Շիֆը բաց նամակ յղած է Պայտընին

2021-04-21
Image

ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆը դիմատետրեան իր էջին հրապարակած է նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած բաց նամակ: Շիֆը նշած է, որ ընդամէնը քանի մը օրէն կը լրանայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1.5 միլիոն հայ կանանց, տղամարդոց եւ երեխաներու համակարգային սպանութեան եւ տեղահանման 106-րդ տարելիցը:

«Այն պիտի ըլլայ ձեր նախագահութեան առաջին ապրիլ 24-ը, եւ ձեր առաջին հնարաւորութիւնը` հետեւելու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ձեր խոստման»,- գրած է Ատամ Շիֆը:

Քոնկրեսականը նաեւ հարիւր հազարաւոր ամերիկահայերու, ցեղասպանութիւն վերապրած երեխաներու, թոռներու ու ծոռներու անունով խնդրած է «պահել խոստումը եւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Ցեղասպանութեան մասին փաստերը գրանցուած են իրական ժամանակի մէջ ամերիկացի դիւանագէտներու կողմէ, որոնք նշած էին, որ այդ մարդկութեան պատմութեան մէջ նախադէպը չունի:

Շիֆը նշած է, որ Պայտընը շատ լաւ գիտէ այս փաստերը եւ խօսած է անոնց մասին նաեւ, որպէս նախագահի թեկնածու:

«Որպէս նախագահ՝ այժմ Դուք ունիք իշխանութիւն՝ ուղղելու տասնամեակներու սխալները եւ ատով իսկ իմաստաւորելու ձեր նախորդ յայտարարութիւնը, երբ Դուք ընդունեցիք ցեղասպանութիւնը եւ ըսիք, որ «լռութիւնը մեղսակցութիւն է»,- գրած է Շիֆը: