Ճօ Պայտընը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը. The National Interest

2021-04-13
Image

Ամէն ինչ կը վկայէ այն մասին, որ Ճօ Պայտընի վարչակազմը պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, անոր տեղի ունենալէն աւելի քան մէկ դար անց: Այս մասին իր յօդուածին մէջ գրած է The National interest պարբերականը:


2020 թուականի ապրիլ 24-ին այն ժամանակ ԱՄՆ նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտընն իր թուիթըրեան էջին գրած էր. «Ընտրուելու պարագային ես պիտի աջակցիմ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին եւ մարդու համընդհանուր իրաւունքները պիտի դարձնեմ առաջնահերթութիւն»:

Կարծես թէ անոր վարչակազմը հաւատարիմ կը մնայ այս պարտաւորութեան:

2021 թուականի 22 մարտին «Եւրասիական խումբէն» Եան Պրեմըրը տեղեկացուցած էր, որ «Սպիտակ տան աղբիւրները» իրեն ըսած են, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը պիտի շարունակուի: Հակառակ անոր, որ Պրեմըրը նշած է ոչ միայն Ճօ Պայտընի նախընտրական խոստումը, այլ նաեւ այն, որ փոխնախագահ Քամալա Հարիսը 2019 թուականին Ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներէն մէկն էր, ան իրաւացիօրէն նշած է նաեւ, որ նախագահ Պարաք Օպաման նոյնպէս նմանատիպ խոստում տուած էր, բայց յետոյ հրաժարած էր անկէ:

Ճիշդ այդ է խնդիրը. կառավարութեան մէջ կայ ընթացք մը, երբ պաշտօնեաները կը կարծեն, որ օգտակար է խեղաթիւրել պատմութիւնը կամ վերացնել առկայ ողբերգութիւնը`յանուն կարճաժամկէտ դիւանագիտական անհրաժեշտութեան: Սամանթա Փաուըրը այդ մասին գիրք գրած է, սակայն, ամէն պարագայի, ոչ միայն չէ կրցած բարոյական պարզութեամբ պաշտպանել Հայաստանը, այլ նաեւ հետագային անտեսած է Սուրիոյ մէջ շարունակուող ցեղասպանութիւնը: ԱՄՆ-ի կլիմայի հարցերով բանագնաց Ճոն Քերրին նոյնպէս սենատոր եղած ժամանակ հովանաւորած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը, սակայն անցնելով գործադիր իշխանութիւն` մոռցած էր այդ մասին:

Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը պաշտօնավարման առաջին շաբաթներու ընթացքին խոստացած էր աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել մարդու իրաւունքներուն, բայց ան արդէն յանուն քաղաքականութեան  սկզբունքները զոհաբերելու պատրաստակամութիւն ցուցադրած է: Օրինակ.

1) Պետական բաժանմունքի վերջին զեկոյցին մէջ Պլինքընը վերանայած է իր դիրքորոշումը Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու ճնշման հետեւանքով կորուստներու թիւը նուազեցնելու օգտին, որպէսզի հեշտացնէ Պայտընի վարչակազմի իրանական դիւանագիտութիւնը:

2) Ինչպէս Օպամայի վարչակազմի օրօք, Պլինքընը նաեւ խախտած է իսլամական հանրապետութեան բանտերուն մէջ պահուող ամերիկացի պատանդները պաշտպանելու խոստումները, նոյնպէս այն համոզմամբ, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կրնայ խոչընդոտել իր խումբի աշխատանքային յարաբերութիւններուն իրանցի գործընկերներու հետ:

3) Պլինքընը նաեւ հնազանդած է իր Ափրիկէի Բիւրոյի բարոյական համարժէքութեան եւ խաղալիք դարձած է բանապաշտներու ձեռքը, որոնք կ'ուզեն նսեմացնել Ռուանտայի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան բնոյթը:

4)Պետական բաժանմունքի Ափրիկէի բիւրոն, ամենայն հաւանականութեամբ, դեռ չի հասկնար Եթովպիոյ վարչապետ Ապիյ Ահմետի գործողութիւններու լրջութիւնը Թիկրայի մէջ: Պարզ ըսած, Նոպէլեան մրցանակակիրը կարծես թէ Թիկրայը կը տանի նոյն ճանապարհով, որու հիմքերը 27 տարի առաջ հութու ծայրայեղականները դրած են Ռուանտայի մէջ:

Շատ հայեր կրնան չսիրել հանգուցեալ պատմաբան Պերնար Լուիսը, քանի որ ան կասկածի տակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան կանխամտածուածութիւնը եւ միլիոնաւոր սպանութիւնները (որոնք ան չէ վիճարկած) պայմանաւորած է պատերազմի մշուշով: Այնուհանդերձ, Լուիսի համար այդ պահուն անհասանելի հետագայ տեղեկութիւնները կը հաստատեն կանխամտածուածութիւնը: Լուիսը նոյնքան ազնիւ էր, որքան կիրթ. եթէ ան ողջ ըլլար այսօր, ապա ապացոյցները կը փոխէին անոր մեկնաբանութիւնը:

Կայ մէկ այլ պատճառ, թէ ինչու հայերը պէտք չէ ամբողջութեամբ մերժեն Լուիսը: Լուիսը գրած է. «Մենք կ'ապրինք ժամանակաշրջան մը, երբ հսկայական ներուժ կը ծախսուի պատմութեան կեղծման` շողոքորթել, խաբել կամ ինչ-որ հատուածական նպատակի ծառայել: Ոչ մէկ լաւ բան կրնայ դուրս գալ նման աղաւաղումներէն, նոյնիսկ եթէ անոնք ոգեշնչուած են անշահախնդիր դրդապատճառներով»: Սա Լուիսի յայտարարութիւնն է, որմէ այսօր պէտք է օգտուին հայերն ու պատմական ճշմարտութեամբ հետաքրքրուողները, քանի որ այն կ'ընդգծէ կարեւորութիւնը`թոյլ չտալ, որ կարճաժամկէտ դիւանագիտական շահերը խեղաթիւրեն պատմութեան ընթացքը:

Պայտընի վարչակազմին մէջ, Պետական բաժանմունքէն եւ Փենթակոնէն ներս շատերը կրնան խթան գտնել Պայտընի պարտաւորութիւններէն խուսափելու համար կամ անոնց տան բարոյական համարժէք: Ե՛ւ Պետական բաժանմունքը, ե՛ւ Փենթակոնը կրնան եզրակացնել, որ Էրտողանի նկատմամբ թշնամութիւնը կրնայ վերջինիս ստիպել յարձակիլ Միջերկրական ծովու արեւելքի վրայ: Արդէն նախազգուշական նշաններ կան, որ Պայտընն ու Պլինքընը կը տատանին. օրինակ, հակառակ բոլոր իրենց կոշտ խօսակցութիւններուն Թուրքիոյ մասին, անոնք զօրացուցած են անոր բռնապետ Էրտողանը` դարձնելով Աֆղանստանի մէջ խաղաղութեան բանակցութիւններու տէրը: Յետոյ, կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, ուր Թուրքիան ու Ատրպէյճանը անցեալ աշնան 44-օրեայ պատերազմ սկսած էին եւ այստեղ խաղաղութիւնը փխրուն է:

Վերը նշուածներէն ոչ մէկը կ'արդարացնէ պատմութեան խեղաթիւրումը: Ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այլ նաեւ անոր դերի նուազեցումը կրնայ թանկ նստիլ: Ատրպէյճանն ու Թուրքիան իրենց սեպտեմբերեան յարձակումը հայաբնակ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ժամանակային առումով համապատասխանեցուցած էին նորանկախ Հայաստան Օսմանեան կայսրութեան ներխուժման 100-ամեակին: Ե՛ւ Էրտողանը, ե՛ւ Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւը կ'օգտագործէին բնաջնջման հռետորաբանութիւն՝ ցոյց տալով, որ իրենց վերջնական նպատակը կրօնական պատերազմ մղելն ու բուն Հայաստանն արմատախիլ ընելն է: Թուրքիոյ ցոյց տալը, որ պատասխանատուութիւնը կարելի է շրջանցել, կ'ապահովէ հետագայ յարձակումը ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ քիւրտերու եւ Կիպրոսի դէմ:

Չնայած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ ճիշդ է, եւ խելացի, Պայտընը եւ Պլինքընը պէտք է աւելի առաջ երթան: Ցեղասպանութեան ժխտումը կը խարխլէ երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը, եւ, հետեւաբար, Պլինքընը կրնայ ինչպէս Անգարայի մէջ, այնպէս ալ Պաքուի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձաններու տեղադրումը դիտարկել որպէս ցուցանիշ, որ թոյլ կու տայ որոշել, թէ արդեօք Ցեղասպանութեան ճանաչումը դուրս կու գայ հռետորաբանութեան սահմաններէն: Նման քայլը կ'օգնէր նաեւ ազատելու պատմական կուրութենէն, որ տասնամեակներ շարունակ առաջացած է Թուրքիոյ հրահրմամբ:

Թրամփի վարչակազմը թերագնահատած էր Հարաւային Կովկասի դիւանագիտութիւնը՝ նշանակելով Մինսքի խումբի համանախագահ, որ զուրկ էր իր ռուս եւ ֆրանսացի գործընկերներու դիւանագիտական աստիճանէն: Միացեալ Նահանգները Արցախի Հանրապետութեան համար կրնայ առաջարկել նաեւ Քոսովոյի մոտելը: Այդ պարագային Պլինքընը պէտք է մշտական դիւանագէտ ուղարկէ Ստեփանակերտ:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր է, բայց բաւարար չէ: Հայաստանի ե՛ւ արեւելքի, ե՛ւ արեւմուտքի բռնակալներու առկայութիւնը հաշուի առնելով, կարեւոր է ընդունիլ, որ մէկ դար առաջուայ սպառնալիքը կը շարունակուի մինչ օրս: Դատարկ հռետորաբանութիւնը կրնայ շատ թանկ նստիլ: