Ճօ Պայտընն ու Լիլիթ Մակունցը ուղերձներ փոխանակած են

2021-10-02
Image

Ճօ Պայտընը եւ Լիլիթ Մակունցը ուղերձներ փոխանակած են. այս մասին կը տեղեկանանք ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն:

Նշուած է, որ համավարակով պայմանաւորուած՝ ԱՄՆ-ի մէջ դեսպաններու հաւատարմագրերու ընդունման արարողակարգի փոփոխութիւններ կատարուած են, եւ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը եւ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունցը ուղերձները փոխանակած են գրաւոր:

Լիլիթ Մակունցը այս տարի, նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանով, նշանակուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ չորս տարի ժամկէտով (նստավայրը՝ Ուաշինկթըն):