ՄԱԿ-ի խաղաղապահներ Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկելու գաղափարը հազիւ թէ իրատեսական է. ՌԴ ԱԳՆ

2023-02-08
Image

ՄԱԿ-ի խաղաղապահներ Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկելու գաղափարը հազիւ թէ իրատեսական է, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման խնդիրները արդիւնաւէտօրէն կը լուծէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութիւններու վարչութեան տնօրէն Փիոթր Իլյիչեւ:

Ան նշած է, որ միջազգային եւ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ'աշխատի միայն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն, իսկ ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործակալութիւնները ատրպէյճանցիներէն եւ հայերէն թոյլտւութիւն չեն ստացած մուտք գործելու Լեռնային Ղարաբաղ, նոյնիսկ կարիքներու գնահատման առաջնային առաքելութիւն իրականացնելու համար:

Իլյիչեւի խօսքով` «դժուարութիւնները կը ծագին կողմերու հետ հաւասարապէս հեռու դիրքորոշում պահպանելու անհնարինութեան քաղաքական պատճառով, ներառեալ տարածաշրջան ժամանելու եւ մեկնելու եղանակները, հաշուետուողականութիւնը, վերահսկողութիւնը եւ մարդասիրական գործունէութեան կառուցման իրաւական հիմքը։

«Այս պայմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղին նոյնիսկ միջազգային մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հարցով առաջընթաց չկայ, միջազգային խաղաղապահ զօրակազմի գործուղման գաղափարի գործնական իրականացումը, որ առաւել եւս կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի պատժամիջոցները, դժուար թէ իրատեսական ըլլայ։ Մենք կը մեկնինք անկէ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը արդիւնաւէտօրէն կը յաղթահարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման բոլոր խնդիրները»,- աւելցուցած է ան։

Բացի այդ, աւելցուցած է ռուս դիւանագէտը, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մանթատի ներքոյ տեղակայուած խաղաղապահ առաքելութիւնները ոչ միշտ կը վայելեն ընդունող պետութիւններու վստահութիւնը։

«Որոշ պարագաներու վերջիններս հանդէս կու գան «Կապոյտ սաղաւարտներ»ու դուրսբերման օգտին՝ անոնց ցած արդիւնաւէտութեան պատճառով: Հետեւաբար, հարցը ոչ այնքան այն է, թէ ով թոյլ տուած է խաղաղապահ գործողութիւնը, որքան հակամարտութեան երկու կողմերու բարի կամքի առկայութիւնը ատոր դադրեցման եւ հետեւանքներու վերացման հարցով»,-ըսած է Իլյիչեւ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յունուարի սկիզբը ըսած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու մանթատի աւարտէն ետք կրնայ հետեւիլ խնդրանքը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ տարածաշրջան միջազգային խաղաղապահ զօրախումբ ուղարկելու վերաբերեալ։ Մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետի խօսքերը՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովն ըսած է, որ միջազգային խաղաղապահները կրնան ներգրաւուիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աշխատանքին միայն հակամարտութեան բոլոր կողմերու համաձայնութեամբ։