Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ անոր ինքնիշխանութեան. Փրայս

Մենք ուշադիր կը հետեւինք Հայաստանի մէջ շարունակուող քաղաքական գործընթացներուն, յայտարարած է Ամերիկայի Պետական գերատեսչութեան խօսնակ Նետ Փրայս:
«Մենք բոլոր կողմերուն կը յորդորենք զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ խուսափիլ իրավիճակը լարող կամ բռնի գործողութիւններէն: Կը յորդորենք հայաստանեան գործիչներուն խաղաղ ճանապարհով լուծել իրենց անհամաձայնութիւնները եւ յարգել օրէնքի գերակայութիւնն ու ժողովրդավարական գործընթացները, Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ անոր ինքնիշխանութեան », -ըսած է Փրայս: