Մենք կը տեսնենք որ ընտրութիւններուն Փաշինեանի կուսակցութիւնը վստահ յաղթանակ տարած է. Փեսքով

Ռուսիոյ Դաշնապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Քրեմլը կը հետեւի Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն վերաբերեալ իրավիճակին եւ կը ցանկայ, որ ժողովուրդին որոշումը օգնէ երկրին՝ դուրս գալու կայուն զարգացման գիծի վրայ:
«Մենք կ'ողջունենք Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տեղեկատուութիւնը այն մասին, որ այս ընտրութիւնները կայացած են: Եւ, ի հարկէ մենք կը տեսնենք, որ վստահ յաղթանակ տարած է Փաշինեանի կուսակցութիւնը: Մենք կը շնորհաւորենք հայ ժողովուրդը ընտրութիւններու առթիւ: Ի հարկէ, մենք կը ցանկանք, որ հայ ժողովուրդին այս ընտրութիւնը օգնէ՝ յաղթահարելու այն դժուարութիւնները, որոնք հիմա ունի երկիրը եւ դուրս գալու զարգացման կայուն գիիծի վրայ»,- ըսած է Փեսքովը՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէ՛ս Մոսկուան կը գնահատէ Հայաստանի ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ ի՛նչ տրամադրուածութիւն ունի Երեւանի հետ փոխգործակցութեան առումով: