Միացեալ Նահանգներ կանգնած է Հայաստանի կողքին. Պայտըն՝ Փաշինեանին

2022-09-22
Image

Միացեալ Նահանգները կանգնած է Հայաստանի կողքին։ ՀՀ Անկախութեան տօնի առթիւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն: Այս մասին կը յայտնէ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

«Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումներուն, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան։ Վերջին ռազմական գործողութիւնները կ'ընդգծեն մեր դիւանագիտութիւնը կրկնապատկելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Հայաստանը կարողանայ նայիլ դէպի բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայ, որ կը ներառէ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում»,–ըսած է Պայտընն իր ուղերձին մէջ։

Անոր խօսքով` Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնայ Փաշինեանի եւ այլ կողմերու հետ աշխատելու՝ աջակցելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համար:

Պայտըն նշած է նաեւ, որ այս տարի ԱՄՆ-Հայաստան նորացուած ռազմավարական երկխօսութիւնը վերահաստատած է յանձնառութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ կապերու ամրապնդման եւ ընդգծած է ԱՄՆ–ի աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական հետագծին: