ՄԻԵԴ-ը Ատրպէյճանին ժամանակ տուած է մինչեւ 4 Յունիս՝ տեղեկութիւն տալու գերեվարուած 6 հայ զինծառայողու մասին

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանին մինչեւ 4 Յունիսը ժամանակ տուած է՝ տեղեկութիւններ տրամադրելու Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածէն գերեվարուած 6 հայ զինծառայողի կարգավիճակի մասին: Այս մասին կը յայտնէ Հանրային հեռուստաընկերութեան «Լուրեր» լրատուականը՝ աւելցնելով, որ Կարմիր Խաչի Պաքուի գրասենեակէն գերեվարուած զինծառայողներուն դեռ չեն այցելած:
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին «Լուրեր»-ուն յայտնած է, որ ամենօրեայ երկխօսութիւն կ'իրականացնեն երկու երկիրներու իշխանութեան հետ՝ գերիներու տեսակցութիւն ապահովելու համար: Կարմի Խաչի ներկայացուցիչներն Ատրպէյճանի մէջ պահուող միւս ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձանց այցելած են, անոնց փոխանցած են ծնողներու տեսաուղերձները:
«Այցի գլխաւոր նպատակն է առաջին հերթին գրանցել այս անձանց, այնուհետեւ սկսել պարբերական կերպով տեսակցել՝ առաջին հերթին ստուգելու պահման պայմանները, այդ անձանց հանդէպ վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ օգնել՝ կապ հաստատել իրենց հարազատների հետ»,-ըսած է Ամատունին:
Յիշեցնենք, որ 27 Մայիսի ի վաղ առաւօտեան ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին մէջ ճարտարապետական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ ատրպէյճանցիները գերեվարած էին 6 հայ զինծառայող:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 27 Մայիսին դիմած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ գերեվարուած 6 հայ զինծառայողի հիմնարար իրաւունքներու ապահովման պահանջով: