ՄԻԵԴ-ը ճանչցած Է 2008-ի ընտրութիւններէն ետք Փաշինեանի իրաւունքներու խախտումը

2022-01-19
Image

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) «Նիկոլ Փաշինեան ընդդէմ Հայաստան» գործով վճռած է, որ խախտուած է Փաշինեանի ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան, հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը: Հայաստանի գործող վարչապետը դրամական փոխհատուցման պահանջ չէ ներկայացուցած պետութեան:

Գործը կը վերաբերի այն ժամանակ ընդդիմադիր գործիչ Փաշինեանի ազատազրկման, որ տեղի ունեցած է 2008 թուականի ընտրութիւններէն ետք, երբ Փաշինեան կ’աջակցէր նախագահի թեկնածու Լեւոն Տէր Պետրոսեանին: Ան անազատութեան մէջ մնացած է 2009-ի Հոկտեմբերէն մինչեւ Յունուար 2010: Վճիռին մէջ նշուած է, որ խախտուած է նաեւ Փաշինեանի խօսքի, հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը: