Մինսքի խումբի ամերիկացի նոր համանախագահը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Պաքու եւ Երեւան

ԱՄՆ պետական քարտուղարի Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի նոր համանախագահ Լուիս Պոնոն այս պաշտօնով առաջին անգամ կ'այցելէ տարածաշրջան: Այցը կը սպասուի յաջորդ շաբաթ։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի խօսնակ Նետ Փրայս՝ նշելով, որ Ուաշինկթոն կ'ակնկալէ, որ Պոնոյի՝ տարածաշրջանային 3 երկիրներ այցերը պիտի ըլլան կանոնաւոր:
«Պոնոն կը նախատեսէ հանդիպիլ երկիրներու բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ՝ հայ-ատրպէյճանական խաղաղ գործընթացին աջակցելու եւ Վրաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան մեր մշտական հաւատարմութիւնը յայտնելու համար: Ինչպէս արդէն նշեցի, իր այցի ընթացքին ան կ'այցելէ բոլոր երեք երկիրները՝ Պաքու, Երեւան եւ Թիֆլիս՝ այդ հերթականութեամբ»,-ըսած է Փրայս:
Ան աւելցուցած է, որ յոյս ունին, որ այս այցը տարածաշրջան Պոնոյին հնարաւորութիւն կու տայ շարունակելու երկխօսութիւնը, որ եղած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրին մէջ։
«Մենք ոգեւորուած ենք խաղաղ գործընթացին արդիւնաւէտ մասնակցութեան համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վերջին ջանքերով: Պարոն Պոնոն ալ յոյսով է, որ այդ առաջընթացը կը շարունակուի: Այս բոլոր երեք քաղաքներուն մէջ պարոն Պոնոն կ'ընդգծէ, որ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագան խթանելուն» - ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը։