Միջազգային դիտորդները դրական գնահատած են ընտրութիւններու ընթացքը եւ ձայներու հաշուարկը

2021-06-21
Image

Միջազգային դիտորդական առաքելութեան գնահատմամբ՝ Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները եղած են մրցակցային եւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ լաւ կազմակերպուած: Այս մասին ըսած են ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ), ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) եւ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) համատեղ դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները ասուլիսի ժամանակ:

«Մեր ընդհանուր եզրակացութիւնը այն է, որ 2021-ի 20 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները կարճ ժամանակահատուածի մէջ մրցակցային էին եւ լաւ կազմակերպուած»,-ըսած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Քարի Հենրիքսընը:

Այնուամենայնիւ, դիտորդները նկատած են սուր բեւեռացում եւ մրցակիցներու մ բորբոքած հռետորաբանութիւն: Առաքելութիւնը եզրակացուցած է, որ ընտրական իրաւական դաշտը հիմնական ընդգրկուն եղած է, բայց որոշ թերութիւններ դեռ կան: Ան նշած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ վերջերս կատարուած փոփոխութիւններու իրագործման համար սահմանափակ ժամանակ եղած է: ԿԸՅ-ն իրականացուցած է իր աշխատանքը՝ թափանցիկ եւ մասնագիտական ձեւով:

«Մեր առաքելութեան ճնշող մեծամասնութիւնն, ընդհանուր առմամբ, դրական կը գնահատէ ընտրութիւններու օրը՝ ներառեալ ձայներու  հաշուարկը»,-ըսած է Հենրիքսընը:

Միեւնոյն ժամանակ, դիտորդները նկատած են, որ ձայներու հաշուարկի գործընթացը անցած է լաւ եւ շատ թափանցիկ: «Խոր բեւեռացումը չէ խանգարած լաւ կայացած ընտրութիւններուն», - նշած է ԵԽԽՎ պատուիրակութեան ղեկավար Ճորճ Քաթրուկալոսը:

Անյոյս յայտնած է, որ արդիւնքները պիտի ընդունուին բոլոր քաղաքական ուժերու կողմէ:

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան  ղեկավար Օուէն Մըրֆին ալ աւելցուցած է. «Բոլոր թեկնածուները կրցած են ազատ քարոզչութիւն իրականացնել ընտրութիւններու ողջ ընթացքին: Հիմնարար իրաւունքները յարգուած են»: