Միջազգային 9 կազմակերպութիւն կոչ ըրած են կանխելու Հայոց նոր Ցեղասպանութիւն մը

2022-12-20
Image

«Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութիւնը ութ այլ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու հետ նախազգուշացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղասպանութեան վտանգի մասին։

«ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի Ցեղասպանութեան կանխարգելման գրասենեակի յայտնաբերած դաժան յանցագործութիւններու կատարման բոլոր 14 ռիսքի գործօնները ներկայիս առկայ են»,- նշուած է կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին մէջ, հաղորդած է Առաջին լրատուականը:

«Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Ճոն Էյպնըր նշած է.

«Լեռնային Ղարաբաղը շրջափակման մէջ դնելով՝ Ատրպէյճանի բռնապետութիւնը յստակ ցոյց կու տայ ցեղասպանութեան եւս մէկ փուլ իրականացնելու իր մտադրութիւնը։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է գործէ հաւաքական, որպէսզի պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութիւնը»:

Նշուած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը երկար ժամանակ պաշտօնական մակարդակով հայերու նկատմամբ ատելութեան քաղաքականութիւն վարած է, նպաստած է հայերու դէմ կատարուած վայրագութիւններու անպատժելիութեան, սպառնացած է ուժով գրաւել ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը, այլեւ Երեւանը։

Կազմակերպութիւնները «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ ցեղասպանութեան համար պատժի մասին» համաձայնագրին միացած երկիրներուն կոչ ըրած են գործելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միջոցով՝ կանխելու հայերու ցեղասպանութիւնը տարածաշրջանին մէջ։

Կազմակերպութիւնները դիմած են «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ ցեղասպանութեան համար պատժի մասին համաձայնագրին» միացած երկիրներուն, այդ շարքին՝ ԱՄՆ-ին, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ, անոնց կոչ ըրած են կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները՝ կանխելու հայերու նկատմամբ հասունացող ցեղասպանութիւնը։

Կազմակերպութիւնները ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ալ կոչ ըրած են ապահովելու միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններու մարդասիրական նպատակներով անխոչընդոտ մուտքը Արցախ: