Միրզոյեան Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկած է ՄԱԿ-ի գրասենեակի գլխաւոր տնօրէնի հետ

27 փետրուարին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի բարձրաստիճան նիստի ծիրին մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Փախստականներու հարցերով ՄԱԿ գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնէն։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Փախստականներու հարցերով ՄԱԿ գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի միջեւ հաստատուած համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆիլիփօ Կրանտի անդրադարձած են 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակումներու հետեւանքով ստեղծուած մարդկային խնդիրներուն՝ ընդգծելով անոնց հասցէագրման հրատապութիւնը: Այս շրջածիրին մէջ քննարկուած են նշեալ իրադարձութիւններու ընթացքին տեղահանուած անձանց աջակցութեան հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին շեշտուած է նաեւ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական բարդ իրավիճակը հանգուցալուծելու անհրաժեշտութիւնը: Նախարար Միրզոյեան կարեւորած է միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ համապատասխան մարմիններու, այդ շարքին՝ Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի անխոչընդոտ մարդասիրական մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ: