Միրզոյեան սուրիացի գործընկերոջ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով ստեղծուած վիճակը

24 Սեպտեմբերին ՄԱԿ Գլխաւոր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատի հետ:
Հայաստանի եւ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութեամբ նշած են հայ-սուրիական բազմադարեայ բարեկամութիւնը՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ մեծապէս կարեւորելով սուրիահայ համայնքի դերակատարութիւնը:
Անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամին՝ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն Հայաստանը հանդէս եկած է Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման եւ համապարփակ երկխօսութեամբ խնդրի կարգաւորման օգտին։
Կողմերը խիստ մտահոգութիւն յայտնած են Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակման ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ Սուրիայէն վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւման առնչութեամբ։