Մնացականեան եւ Արաբական Լիկայի ղեկավարը քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի վերջին զարգացումները

2020-09-16
Image

Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն անդրադարձած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի գլխաւոր քարտուղար՝ Ահմետ Ապուլ Ղէյթը Գահիրէի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:

«Երկուստեք մտահոգութիւն յայտնուեցաւ այդ տարածաշրջաններուն մէջ սադրիչ գործողութիւններու եւ կայունութեան ու անվտանգութեան խաթարմանն ուղղուած գործելակերպի դրսեւորումներու առնչութեամբ, շեշտուեցաւ տարածաշրջաններուն մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանմանն ու ամրապնդման միտուած միջազգային հանրութեան միասնական քայլերու կարեւորութիւնը», - կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը:

ԱԳ նախարարը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները:

Անդրադարձ  կատարուած է պաղեստինեան խնդրի շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին, Մնացականեանը կարեւորած է Լիբանանի եւ Սուրիայի մարդասիրական խնդիրներու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը: