Մոսկուան հաստատած է եռակողմ հանդիպման նախապատրաստութիւնը

2022-10-25
Image

Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Հայաստան գագաթնաժողովը կը նախապատրաստուի, Քրեմլին պիտի յայտարարէ կայացման օրուան եւ վայրի մասին։

«Ռիա Նովոստի»ին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ըսած էր, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաւիրած է Ռուսիա՝ եռակողմ գագաթնաժողովին, ուր կը նախատեսուի քննարկել եռակողմ եւ երկկողմ հարցերու ողջ շրջանակը։