Յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի համագործակցութեան հարցերը կառուցողական լուծում կը ստանան. Ռուսիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար

2023-03-30
Image

Մոսկուան կ'ակնկալէ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միւս անդամներու հետ Երեւանի փոխգործակցութեան բնոյթի վերաբերեալ վնասակար քննարկումները կը դադրին, եւ այդ կապակցութեամբ ծագած հարցերը կառուցողական լուծում կը ստանան։ Այս մասին չորեքշաբթի յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը RTVI-ին տուած հարցազրոյցին։

«Յոյսով ենք, որ «ով ուրկէ դուրս կու գայ» թեմայի շուրջ վնասակար քննարկումները կը դադրին եւ ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս Երեւանի հետ փոխգործակցութեան բոլոր հարցերը, ներառեալ կազմակերպութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի տարածքին, կը լուծուին կառուցողական եւ փոխշահաւէտ ձեւով»,-ըսած է դիւանագէտը:

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է նաեւ, որ հայկական կողմի բոլոր մտահոգութիւնները կը քննարկուին ՀԱՊԿ-ի մէջ առկայ փոխգործակցութեան ձեւաչափերու շրջագիծէն ներս՝ Մշտական խորհուրդի նիստերէն մինչեւ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդ, որ կազմակերպութեան բարձրագոյն մարմինն է։

Կը վերահաստատենք Հայաստանի սահմանին ՀԱՊԿ առաքելութիւն տեղակայելու մեր պատրաստակամութիւնը

«Մեր կողմէ կը վերահաստատենք պատրաստակամութիւնը՝ իրականացնելու, Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման շահերէն ելլելով, հայ-ատրպէյճանական սահմանին ՀԱՊԿ առաքելութիւնը տեղակայելու ծրագրերը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեանն օգնութիւն ցուցաբերելու մասին ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան որոշման նախագծով նախատեսուած աջակցութեան այլ միջոցներ»,- ընդգծած է ան։

Կալուզինի խօսքով՝ կազմակերպութիւնը սկսած է աշխուժ գործընթաց՝ իրագործելու այն որոշումները, որոնք ընդունուած են անցեալ տարի ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումներու ժամանակ։

«Մեծ մասամբ Հայաստանի նախագահութեան շնորհիւ շատ բան կատարուած է մեր հաւաքական անվտանգութեան մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները ետ մղելու հարցով ՀԱՊԿ-ի կարողութիւնները զարգացնելու համար: Կը ցանկայի ընդգծել, որ ձեռք բերուած արդիւնքները հնարաւոր չէին ըլլար առանց բոլոր անդամ երկիրներու համակարգուած, արդիւնաւէտ եւ շահագրգիռ աշխատանքի»,- աւելցուցած է դիւանագէտը։