Նախկին Հայաստանաբնակ ատրպէյճանցիները կը պահանջեն Երեւանի կողմէ բանակցութեան հրաւիրուիլ

2023-03-14
Image

Նախապէս Հայաստանի մէջ բնակած ատրպէյճանցիները միաւորող այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի ղեկավար Ազիզ Ալեքպերլի պահանջած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բանակցութիւններու սկսի իր ղեկավարած կառոյցին հետ:

Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»ը:

«Մենք կ՛ողջունենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ բնակող հայերուն՝ շփումները շարունակելու վերաբերեալ հրաւէրը», ըսած է Ալեքպերլին՝ աւելցնելով. «Իբրեւ Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք՝ մենք քանի մը օր առաջ նամակ ուղարկեցինք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ մեր հայրենի օճախները մեր անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը երաշխաւորելու համար»: