Նիկոլ Փաշինեան զրուցած է Ֆրանսայի նախագահի հետ. քննարկած են Լաչինի միջանցքի հարցը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին յայտնեցին կառավարութենէն:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ արդէն առաւել քան մէկուկէս ամիսէ ի վեր Լաչինի միջանցքի արգելափակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակը:
Նախագահ Մաքրոն ընդգծեց Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ հաստատեց Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու նպաստել այդ հարցի լուծման:
Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերող հարցերու: